image

Արցախի վարչապետը հանդիպած է ՀՀ շուրջ 30 մտաւորականներու հետ

Արցախի վարչապետը հանդիպած է ՀՀ շուրջ 30 մտաւորականներու հետ

Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան 19 նոյեմբերին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ 30 մտաւորականներու, որոնք , ՀՀ պաշտպանութեան նախարարին առընթեր հասարակական խորհուրդի ծրագիրներու ծիրէն ներս, այցելած են Արցախ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԱՀ կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը, նշելով, որ վարչապետը ողջունած է Արցախի մէջ զօրամաս այցելելու հիւրերու նախաձեռնութիւնը, նշելով անոր կարեւորութիւնը բանակի ու քաղաքացիական հասարակութեան միջեւ կապերու ամրապնդման եւ փոխադարձ աջակցութեան ապահովման գործին:

Հանդիպման ընթացքին մտաւորականները Ա. Յարութիւնյանին ուղղած են բազմաթիւ հարցեր՝ Արցախի ընկերային-տնտեսական իրավիճակի, արտաքին քաղաքականութեան, սահմանի պաշտպանութեան եւ շարք մը այլ ոլորտներու վերաբերեալ: Վարչապետը իր հերթին, հանգամանալից եւ բաց կերպով պատասխանած է հարցերուն՝ յորդորելով ներկաներուն հնարաւորինս ներգրաւուիլ Արցախի զարգացման կարեւոր գործին: