Մարտ 30-31-ի լոյս գիշերը` մինչեւ առաւօտեան ժամը 10:00, Արցախի առաջնագիծի բոլոր հատուածներուն մէջ մարտավարական իրադրութիւնը փոփոխութիւն չէ կրած` մնալով լարուած: Հրադադարի էական խախտումներ չեն արձանագրուած:
Արցախի տեղեկատուական շտաբէն կը յայտնեն, որ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները կը շարունակեն գործադրել բոլոր ջանքերը` ուղղուած շփման գիծի արեւելեան ուղղութեամբ ատրպէյճանական զինուած ուժերը իրենց ելման դիրքեր վերադարձնելուն:
Իրավիճակի զարգացումներուն վերաբերեալ լրացուցիչ հրապարակումներով հանրութեան տեղեակ պիտի պահուի: