Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի նախկին հրամանատար, զօրավար-լեյտենանտ Միքայէլ Արզումանեան, որ աւելի քան 2,5 տարի կալանքի տակ է, պիտի շարունակէ մնալ կալանքի տակ։
«Հակակոռուպցիոն դատարան»ը՝ դատաւոր Վարդգես Սարգսեանի նախագահութեամբ, երկարաձգած է Միքայէլ Արզումանեանի նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց կալանքի ժամկէտը՝ եւս երեք ամիսով։
Նշենք, որ քրէական գործը դատարանն է 2023-էն, կը գտնուի հիմնական դատալսումներու՝ վկաներու հարցաքննութեան փուլի մէջ, վկաներու մէկ մասն արդէն իսկ հարցաքննուած է։ Գործը կը քննուի դռնփակ ռեժիմով։
Յիշեցնենք, որ 2022-ի օգոստոս 30-ին Միքայէլ Արզումանեանը ձերբակալուած է Շուշի քաղաքի եւ յարակից շրջաններու պաշտպանութեան կազմակերպման ընթացքին պաշտօնէական անփութութիւն կատարելու մեղադրանքով։