Արցախի Մարտակերտի շրջանի Նոր Կարմիրաւան գիւղի տարածքին՝ հոկտեմբերին սկսած պեղումները արձանագրած են հետաքրքրական փաստեր: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Պատմական գիտութիւններու թեկնածու, «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի գիտական գծով փոխտնօրէն Նժդեհ Երանեան յայտնած է, թէ ուսումնասիրութիւնները իրականացած են երկու հիմնական պեղավայրի մէջ` կոթողներու շրջակայքը եւ անոնցմէ քիչ մը դէպի հիւսիս, 2000-ական թուականներուն կառուցուած ջրանցքին մօտ: «Արտաքին նիւթի հետախուզական աշխատանքներու ժամանակ՝ ջրանցքի յատակին պատահաբար յայտնաբերուեցաւ սափոր: Յայտնաբերուեցան նաեւ 18 տարբեր անօթներ, որոնք կը թուագրուին Ք.Ա. 97-րդ դարերով, եւ շարք մը ուլունքներ», ըսած է ան:
Հնագէտը նշած է, որ պեղավայրին մէջ կատարած աշխատանքները թոյլ կու տան եզրակացնելու, որ այս տարածքը բնակեցուած եղած է Ք.Ա. 1-ին հազարամեակի սկիզբէն: Ուստի անհրաժեշտ են առաւել լայնածաւալ պեղումներ, որոնք թոյլ պիտի տան վերականգնելու այդ շրջանի պատմութիւնը եւ մշակոյթը:
Նժդեհ Երանեան արժեւորած է նաեւ Նոր Կարմիրաւան գիւղի տարածքին տեղի բնակիչներէն մէկուն կողմէ նկատուած մարդակերպ կոթողները: Ապա սկսած են կոթողներու տարածքի հետախուզական պեղումները: «Պեղումները, որոնք տեւած են շուրջ երկու շաբաթ, կը կրէին հետախուզական բնոյթ, որուն նպատակն էր ճշդել արդեօք կոթողները կը գտնուին իրենց կանգնեցման նախնական վայրը: Իբրեւ արդիւնք կրնանք վաւերացնել, որ կոթողները՝ ամենայն հաւանականութեամբ՝ կը գտնուին իրենց միջավայրին մէջ: Սակայն, վերջնական եզրակացութիւն ընելու համար, հարկաւոր է յետագային շարունակել հնագիտական աշխատանքները»,- ըսած է Երանեան:
Անոր խօսքով` կոթողներու գիտական հետազօտութիւնը մաս կը կազմէ Արցախի Տիգրանակերտի եւ շրջակայքի ուսումնասիրութեան: Արցախի մէջ ներկայիս յայտնի է շուրջ երեք տասնեակ նմանատիպ մարդակերպ կոթող: Վերջինները, սակայն, կը գտնուին տեղաշարժած վիճակի մէջ: Ուստի, Նոր Կարմիրաւանի մարդակերպ կոթողներուն հետազօտութիւնը, անոնց հնագիտական միջավայրին վաւերացումը պիտի պատասխանէ այս կոթողներուն վերաբերեալ շարք մը կարեւոր հարցերու: «Կոթողներու ուսումնասիրութիւնը կարեւոր է ինչպէս Արցախի եւ Ուտիքի, այնպէս եւ Կովկասի ու ողջ Առաջաւոր Ասիոյ Ք.Ա. 1-ին հազարամեակի պատմութեան եւ մշակոյթին համար: Հետեւաբար, անոնց ուսումնասիրութիւնը եւ ներկայացումը Արցախի վրայ պիտի գրաւէ տարածաշրջանով հետաքրքրուող այլ մասնագէտներու եւ լայն շրջանակներու հետաքրքրութիւնը եւս»,- ընդգծած է «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի գիտական գծով փոխտնօրէնը: