7 Յունուարին, ժամը 13:20-ի սահմաններուն, ՊԲ հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ, հակառակորդի կողմէ արձակուած կրակոցէն մահացու վիրաւորում ստացած է ՊԲ զինծառայող, 1998-ի ծնունդ Վաչէ Նուէրի Չիլինկարեանը:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ ԱՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը, դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն ու ծառայակիցներուն: