Արցախի մէջ զոհուած է Արցախի հանրային ռատիոյի քաղաքական վերլուծաբան, լրագրող Միքայէլ Հաճեանի որդին՝ Երուանդ Հաճեանը։ Այս մասին կը տեղեկանանք գրող, հրապարակախօս Սպարտակ Ղարաբաղցեանի դիմատետրի էջէն։
«Քիչ առաջ սեւ լուր ստացայ. Զոհուած է Միքայէլ Հաճեանի որդին՝ Երուանդը. Ապրիլեան պատերազմին ալ զոհուած էր Երուանդի եղբայրը»,–գրած է Ղարաբաղցեանը։
Միքայէլ Հաճեանի միւս որդին՝ Նորայր Հաճեանը, զոհուած է 4 ապրիլ 2016-ի լոյս 5-ի գիշերը Թալիշի ուղղութեամբ ընթացող թէժ մարտերու ընթացքին։ Նորայր Հաճեանը մասնակցած էր նաեւ Արցախեան ազատամարտին։ Ան 1992 դեկտեմբերէն մինչեւ 1995 օգոստոսի վերջերը տարբեր կամաւորական ջոկատներու կազմին մէջ («Արամօ-114» ԵԿ գումարտակ, Կորիւն Ղումաշեանի ԵԿ գումարտակ, «Արծիւ-24» ԵԿ ջոկատ) մասնակցած էր Հայաստանի պաշտպանութեան (Կոռնիձոր, Շուռնուխ) եւ Արցախի ինքնապաշտպանութեան (Լաչին, Քարվաճառ, Օմարի բարձունք, Կուբաթլու, Մարտակերտ)։