image

Արցախի մէջ. Ռուս խաղաղապահները կ՚երաշխաւորեն երթեւեկութեան անվտանգութիւնը

Արցախի մէջ. Ռուս խաղաղապահները կ՚երաշխաւորեն  երթեւեկութեան անվտանգութիւնը

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնն իր ամէնօրեայ տեղեկագրին մէջ 24 հոկտեմբերի երեկոյեան հաղորդած է, թէ «ռուսաստանեան խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ խնդիրներու կատարումը Ղարաբաղի տարածքին մէջ»: «Անընդմէջ փոխգործողութիւն կը պահպանուի Պաքուի հետ՝ ուղղուած արիւնահեղութիւն թոյլ չտալուն, խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեան ապահովման եւ բնակչութեան նկատմամբ միջազգային իրաւունքի նորմերու պահպանման», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հայաթափուած Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահները հրադադարի խախտում չեն արձանագրած: «Ճանապարհային ուղղութիւններով երթեւեկութեան անվտանգութեան ապահովման նպատակով վեց կայան տեղակայուած է, այդ շարքին երկուքը՝ ատրպէյճանական կողմի հետ համատեղ», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսերու մասնակցութեամբ կը շարունակուին «Ղարաբաղի բնակավայրերու ելեկտրա- եւ կազամատակարարման վերականգնման աշխատանքները»:

Տեղեկագրին մէջ նշուած է նաեւ, որ սեպտեմբեր 19-էն Ասկերանի, Մարտակերտի, Մարտունիի եւ Շուշիի շրջաններուն մէջ փակուած է ռուս խաղաղապահներու 24 դիտակէտ, որոնցմէ 16-ը՝ ժամանակաւոր: