Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի եւ կառավարութեան ներկայացուցիչները 4 յունուարին, հանդիպած են Ասկերանի շրջանի Խնածախ եւ Այգեստանի համայնքներու բնակիչներու հետ: Այս մասին գրած է «Արցախփրէս»ը՝ յղում ընելով Արցախի Հանրային հեռուստատեսութեան, որու հաղորդմամբ՝ արդէն 24 օր Ստեփանակերտ-Գորիս միջպետական մայրուղիի փակ մնալու հետեւանքները Ասկերանի շրջանի Խնածախ համայնքնին մէջ կը զգան բոլորը:
Խնածախի բնակչուհի Ելիզավետա Դանիէլեանը նշած է, որ ունին նոյն մտահոգութիւնները, որ ունին բոլոր արցախցիները՝ կենցաղային հոգեր, հիւանդներու բուժման հետ կապուած խնդիրներ եւ այլն:
Ըստ անոր համագիւղացի Մհեր Նիկողոսեանի՝ հակառակ որ գիւղացինները անասուններ, թռչուններ կը պահեն եւ իրենց որոշակի տնտեսութիւնը ունին, սակայն պարէնային որոշ ապրանքներու պակասութիւն, այնուամենայնիւ, կը զգացուի:
Ինչպէս Խնածախի մէջ, այնպէս ալ Այգեստանի մէջ տեղի բնակչութիւնը խորհրդարանի ու կառավարութեան ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման իր առաջարկները ներկայացուցած է:
Հադրութէն տեղահանուած Անուշ Մայիլեանը Լուսաձոր համայնքի մէջ փոքրիկ խանութ բացած է: Շրջափակման հետեւանքով այն գրեթէ դատարկուած է:
«Ներկայ պահին խանութում չկայ շաքարաւազ, ձաւարեղէնի տեսականի, որը ներկայ պահին ժողովրդին շատ է անհրաժեշտ: Քաղցրաւենիքով, լուացքի փոշիով կարողանում եմ օգնել ժողովրդին»,-ըսած է Անուշ Մայիլեանը:
Անոր խօսքով՝ խանութը պակսող ապրանքներով բաւարարելու համար տարբեր մարմիններու դիմած է, բայց ապարդիւն:
Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Գեղամ Ստեփանեանն ընդգծած է, որ համայնքներու մէջ իրենց հանդիպումներու նպատակը խնդիրներուն տեղւոյն վրայ ծանօթանալն է, տեղի ունեցող քաղաքական գործընթացները բնակչութեան ծանօթացնելը:
Ըստ անոր՝ հանրութեան հետ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւն կար եւ եկած են խնդիրներուն միասնական դիմակայելու կոչով:
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովէն ներս ձեւաւորուած խումբերը յառաջիկայ օրերուն եւս պիտի շարունակեն այցելութիւնները համայնքներ եւ հանդիպումները բնակչութեան հետ անոնց խնդիրներուն ծանօթանալու նպատակով: