image

Արցախի մէջ կազի մատակարարումը վերականգնուած է

Արցախի մէջ կազի մատակարարումը վերականգնուած է

Արցախի մէջ կազի մատակարարումը վերականգնուած է: Այս մասին դիմատետրեան ուղիղ եթերի ժամանակ յայտնած է Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը:

Ան նշած է, որ կազամատակարարումը վերականգնուած է առանց նախապայմաններու ու որեւէ զիջումներու:

«Ես լաւ նորութիւն ունեմ: Առանց որեւէ նախապայմանի, առանց որեւէ զիջումների, հարեւան պետութիւնը վերականգնել է կազի մատակարարումը մեզ համար: Սա իսկապէս մեր յաղթանակն է, որովհետեւ մենք ուժեղ ենք, ցոյց տուեցինք, որ չենք լքելու Արցախն ու խուճապի չենք մատնուելու»,-ըսած է Վարդանեան: 

Ատրպէյճանը դադրեցուցած էր Արցախի Հանրապետութեան կազամատակարարումը 13 դեկտեմբերին։