Բռնագրաւուած Արցախի մէջ տեղի ունեցած են Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի դէմ առ դէմ բանակցութիւնները:
Նախքան այդ, անոնք մասնակցած են Քաշաթաղի մէջ (Լաչին) կառուցուած միջազգային օդակայանի բացման, ծանօթացած Քաշաթաղէն Քարվաճառ ճանապարհի կառուցման աշխատանքներուն: