image

Արցախի մէջ դադրեցուած է ինքնաշարժներու կազամատակարարումը

Արցախի մէջ դադրեցուած է ինքնաշարժներու կազամատակարարումը

Հայաստանէն Արցախ կազամատակարարումը, ատրպէյճանական կողմի միջամտութեան պատճառով, կը շարունակէ դադրեցուած մնալ: Խողովակներուն մէջ առկայ կազի կուտակումներու շնորհիւ՝ վերջին օրերուն հնարաւոր էր կազով ապահովել առողջապահական հաստատութիւնները, հացի թխման արտադրամասերը, ինչպէս նաեւ որոշակի ծաւալ կը տրամադրուէր կազալցակայաններուն:

Սակայն հաշուի առնելով կազալցակայններուն մէջ ստեղծուած հերթերը եւ կազի սահմանափակ ծաւալը՝ որոշուած է, որ կուտակուած կազը այսուհետեւ պիտի տրամադրուի միայն առողջապահական հաստատութիւններուն եւ կենսական նշանակութեան կառոյցներուն, իսկ կազալցակայաններու աշխատանքը պիտի դադրեցուի մինչեւ կազամատակարարման վերականգանումը:

Հանրային սպասարկում իրականացնող եւ հանրային ծառայութիւններ մատուցող կազմակերպութիւններու անխափան գործունէութիւնն ապահովելու նպատակով նշուած կազմակերպութիւններու մեքենաներուն պիտի տրամադրուի պենզին կամ տիզվառելիք:

Իրավիճակի փոփոխութեան պարագային հանրութեան լրացուցիչ կը տեղեկացուի: