image

Արցախի մէջ Արտակարգ Դրութիւնը կը գործէ 1992 թուականէն ասդին. Պարզաբանում

Արցախի մէջ Արտակարգ Դրութիւնը կը գործէ 1992 թուականէն  ասդին. Պարզաբանում

«Արցախի Հանրապետութիւնում նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն այսօր ռազմական դրութիւն չի յայտարարել. այն կայ 1992 թուականից, ինքնաբեր երկարաձգումներով գործել է մինչեւ 2005 թուականը։ Իսկ 2005 թուականից ռազմական դրութիւնն անժամկէտ է գործում»,– Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցին պարզաբանած է ԱՀ նախագահի մամլոյ քարտուղար՝ Լուսինէ Աւանէսեան։

Ռազմական դրութեան մասին օրէնքը նախագահին թոյլ կու տայ երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակէն ելլելով` սահմանափակումներ մտցնել։

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան ստորագրած է հրամանագիր ԱՀ տարածքին մէջ յայտարարուած ռազմական դրութեան պայմաններուն տակ:

Համաձայն հրամանագրին՝ ԱՀ տարածքին մէջ յայտարարուած ռազմական դրութեան ժամկէտի ընթացքին օրէնքով սահմանուած կարգով՝ 1.Կը սահմանափակուի հաւաքներու ազատութեան իրաւունքը. 2.Կ'արգիլուին գործադուլները եւ կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը դադրեցնող կամ կասեցնող այլ միջոցառումները. 3.Կը կասեցուի Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանունակութեան ու անվտանգութեան դէմ ուղղուած քարոզչութիւն եւ այլ գործունէութիւն ծաւալած կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը: Սոյն հրամանագրով սահմանուած իրաւունքներու ու ազատութիւններու ժամանակաւոր սահմանափակումներու կիրառման ապահովման պատասխանատուութիւնը կը դրուի ԱՀ ներքին գործոց նախարարութեան եւ ԱՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան վրայ: