image
Հրատապ լուրեր:

Արցախի մէջ. 20 Յունուարէն սկսեալ պարէնային կարեւոր տեսակները միայն կտրոնով (Տեսանիւթ)

Արցախի մէջ. 20 Յունուարէն սկսեալ պարէնային կարեւոր  տեսակները միայն կտրոնով (Տեսանիւթ)

20 Յունուարէն սկսեալ Արցախի Հանրապետութեան մէջ պիտի գործէ սննդամթերքի որոշ տեսակներու ձեռքբերման նոր կարգ: Այս մասին ըսուած է Արցախի հանրային հեռուստաընկերութեան պատրաստած ռեփորթաժով:

Բրինձը, մաքարոնեղէնը, հնդկաձաւարը, շաքարը եւ ձէթը պիտի վաճառուին միայն կտրոնով:

Կտրոններու տրամադրումը պիտի սկսի 17 յունուարին: Մայրաքաղաքին մէջ սպասարկման կէտեր պիտի գործեն հանրակրթական բոլոր դպրոցներու եւ Արցախի պետական համալսարանին մէջ: Ընդհանուր առմամբ 19 կէտ պիտի գործէ:

Շրջանի կեդրոններու  բնակիչները կտրոն կրնան ստանալ իրենց շրջանի վարչակազմի շէնքերէն, իսկ գիւղական բնակավայրեր ապրողները՝ իրենց համայնքապետարաններէն:

Մանրամասնութիւնները տեսանիւթով: