Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը հարցազրոյցներ տուած է միջազգային լրատուամիջոցներուն՝ ներկայացնելով Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը:
Շուէտական ազգային ռատիոյին տուած հարցազրոյցին, պատասխանելով ատրպէյճանական կողմէ ներկայացուող՝ միջանցքի փակման բնապահպանական պատճառներու եւ 2020-ի 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան խախտման մասին հարցին՝ Ռուբէն Վարդանեանը նկատել տուած է, որ Ատրպէյճանի պնդումները ոչ մէկուն համար արժանահաւատ կը հնչեն, քանի որ ողջ աշխարհին յայտնի է, որ մենատիրական երկրի մէջ ոչինչ «բնապահպաններու պատասխանատւութեամբ» տեղի կ'ունենայ: «Կարո՞ղ էք յիշել վերջին 10 տարում քանի բնապահպանական բողոքի ցոյց է տեղի ունեցել Ատրպէյճանում»,- հարցադրում ըրած է ան: - «Մենք Արցախում մեքանականութիւններ չունենք, որպէսզի ճնշում գործադրենք մի երկրի վրայ, որն ստորագրել է միջանցքից ազատ օգտուելու իրաւունքը հաստատող փաստաթուղթ, իսկ այսօր այն խախտում է: Մենք պահանջում ենք, որ միջազգային հանրութիւնը մեզ համար մարդասիրական օդային միջանցքի հնարաւորութիւն ապահովի, որպէսզի կարողանանք սնունդ եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներ բերել։ Սակայն Ատրպէյճանը սա եւս թոյլ չի տալիս։ Ուստի մենք սա ընկալում ենք որպէս պետական քաղաքականութիւն, պետական դիրքորոշում, որը շատ յստակ ցոյց է տալիս, որ նրանք ցանկանում են մեզ բոլորիս դուրս հանել այստեղից եւ ցեղային զտում իրականացնել՝ Արցախն առանց հայերի ստանալու համար»։
Բրիտանական Byline Times պարբերականին տուած հարցազրոյցին Ռուբէն Վարդանեանը ներկայացուցած է Արցախի մէջ շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը. «Քսանչորս օր մենք այս շրջափակման մէջ ենք: Արդէն հիմնական սննդամթերքի, ապրանքների պակաս կայ»։
Պետական նախարարը պարբերականին ըսած է, որ ինքը նոյնպէս այն 5000 արցախցիներու շարքին է, որոնք այս Սուրբ Ծնունդին ընտանիքէն բաժնուած են. «Կեանքումս առաջին անգամ Սուրբ Ծնունդին ընտանիքիցս անջատ եմ։ Ըստ էութեան, մենք Ատրպէյճանի պատանդն ենք, քանի դեռ փակ է ճանապարհը»:
Ներկայացնելով Արցախի պետական նախարարի կոչը միջազգային հանրութեան՝ շրջափակումը շարունակուելու պարագային պատժամիջոցներ կիրառելու Ատրպէյճանի դէմ, յօդուածագիրը նկատել տուած է, որ Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակը «Արեւմուտքը նետած է Ատրպէյճանի «գիրկը»՝ ուժանիւթի անվտանգութեան յուսահատ որոնումներէն մղուած»: «Շրջափակելով Լաչինի միջանցքը՝ Ալիեւը անգամ մը եւս կ'ազդարարէ, որ կը ձգտի ամբողջական վերահսկողութեան տարածքի մը նկատմամբ, զոր հայերը կը համարեն իրենց ժառանգութեան, կրօնի, մշակոյթի եւ պատմական ինքնութեան մաս»,- եզրակացուցած է հեղինակը: