Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած երեք ընդդիմադիր ուժերու՝ ՀՅԴ Արցախի կառոյցի, «Արդարութիւն» եւ Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւններու ղեկավար կազմերուն միջեւ քննարկումներու ի արդիւնք ստորագրուած է յուշագիր, որու համաձայն ստեղծուած է Միջկուսակցական համակարգող մարմին (ՄՀՄ):
Յուշագիրը կ'արձանագրէ, որ «միջկուսակցական համակարգող մարմինը խորհրդատուական կառոյց է, որտեղ քննարկուելու են Արցախի քաղաքական դաշտի ընթացիկ ու սպասուող զարգացումները եւ անհրաժեշտութեան դէպքում եզրակացութիւններ ու առաջարկներ են ներկայացուելու համատեղ գործողութիւնների եւ միասնական դիրքորոշումների համար»:
Իր անդրանիկ նիստին ՄՀՄ որոշած է առաջիկայ օրերուն Արցախի մէջ ստեղծուած ներքաղաքական իրավիճակի եւ արտաքին մարտահրաւէրներու թեմայով խորհրդատուութիւններ իրականացնել Արցախի մէջ գործող քաղաքական ուժերու, հանրային տարբեր խումբերու ու առանձին անհատներու հետ:
Միջկուսակցական համակարգող մարմինը պիտի ձգտի հանրային-քաղաքական տեսակէտներու եւ նոր գաղափարներու համադրման կամ փոխանակման հարթակ դառնալ, որուն, հիմնադիր քաղաքական ուժերէն բացի, կրնան մաս կազմել նաեւ այլ քաղաքական ու հանրային միաւորներ: