14 Հոկտեմբերի սահմանային միջադէպին հետեւանքով վիրաւորուած եւ Ստեփանակերտի կեդրոնական զինուորական հիւանդանոցին մէջ բուժուող զինուորներուն 16 Հոկտեմբերին այցելած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօրավար Կամօ Վարդանեանը:
Բանակի հրամանատարը հետաքրքրուած է բուժման ընթացքով, շնորհակալութիւն յայտնած է տղաներուն ծառայութեան համար եւ մաղթած է շուտափոյթ ապաքինում:
Զինուորական բժիշկները հաւաստիացուցած են Արցախի ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարին, որ վիրաւորներուն ապաքինումը կ'ընթանայ առանց բարդութիւններու եւ ժամանակ անց, անոնք հնարաւորութիւն պիտի ունենան վերադառնալու իրենց ծառայողական պարտականութիւններուն:
Յաւելենք, որ զօրավար Վարդանեանը այցելած է նաեւ հակառակորդին կողմէ թիրախաւորուած մարտական դիրք, գնահատած է մարտավարական իրադրութիւնը եւ հետագայ ընելիքներուն վերաբերեալ յանձնարարականներ տուած է համապատասխան պաշտօնատար անձերուն: