Այս երկու ամսուան ընթացքին ստեղծած ենք աշխատանքային խումբեր, որոնց աշխատանքի շնորհիւ բնակարանային ծրագրի շրջածիրէն ներս ունինք բարեփոխուած տարբերակ. եւս 158 բնակավայր ներգրաւուած պիտի ըլլայ 4 միլիոննոց գօտիի մէջ։ Այս մասին «Արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան խորհուրդի» ներկայացուցիչներու մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է խորհուրդի անդամներէն Նժդեհ Իսկանդարեանը։
Ան նշած է, որ Կոտայքի, Արագածոտնի, Արարատի մարզերը եւս կը ներառուին այդ 4 միլիոննոց գօտիի մէջ։ «Այդ մարզերում ապրում են 13,207 արցախցի։ Մի քանի քաղաքներ թուարկեմ, որոնք արդէն մտնում են ծրագրի մէջ՝ Չարենցաւան, Բիւրեղաւան, ցաւօք սրտի՝ Աբովեանը դեռ պարզ չէ, Արարատ, Ապարան, Էջմիածին, Մեծամօր։ Որոշակի դրական, շօշափելի արդիւնքներ ունենք»,– ըսած է ան։
Իսկանդարեանը տեղեկացուցած է, որ լուծուած է Արցախէն զոհուածներ ունեցող ընտանիքներու տուներու հիփոթեքներու (գրաւ) հետ կապուած խնդիրը։ «Խօսքը 82 ընտանիքի մասին է, որոնց բնակարանային վարկերն Արցախի Հանրապետութիւնն էր վճարում։ Բանակցութիւնների արդիւնքում հասել ենք նրան, որ ՀՀ կառավարութիւնն ինքն է վճարելու։
Միեւնույն ժամանակ, բանակցութիւններոի արդիւնքում հասել ենք նրան, որ այն ընտանիքները, որոնք ցանկութիւն ունեն կառուցապատում իրականացնելու, կը ստանան կառավարութեան կողմից թոյլտւութիւն, եւ այդ սերտիֆիկատներով կը կարողանան սկսել կառուցապատումը։ Նախկինում ունէինք այդ սերտիֆիկատով հողատարածք գնելու հնարաւորութիւն, որի շեմը կազմում էր 4 մլն դրամ, այժմ փորձում ենք հասնել այդ շեմի բարձրացմանը»,-ըսած է ան։
Հիփոթեքի հետ կապուած ան նշած է, որ նախապէս արցախցիներուն վկայականով հնարաւորութիւն կը տրուէր վճարումները կատարելու 10 տարուան ընթացքին, իսկ այժմ այդ ժամկէտը պիտի երկարաձգուի մինչեւ 20 տարի։
«Չեմ կարող ասել, թէ բոլոր սպասումները, որոնք ունեն մեր հայրենակիցները, կարողացել ենք բաւարարել, բայց ունենք բարելաւումներ»,–ըսած է ան։
Իսկանդարեանը նշած է, որ 40 հազար դրամներու աջակցութեան հարցով դեռ չեն կրցած համաձայնութեան հասնիլ։ «Քաղաքացիութիւն ստանալու հետ կապուած լրջագոյն խնդիրներ կան, որոնք դեռ լուծուած չեն։ Ընդունուել են աշխատակիցներ՝ գործընթացը արագացնելու համար, բայց միեւնոյն ժամանակ՝ այն տեւելու է 1.5-2 ամիս, ինչը լուրջ խնդիրներ է առաջացնելու։ Եթէ նոյնիսկ մարդիկ հաւաստագրեր ստանան, դրանք իրացնելու համար բաւական ժամանակ է անհրաժեշտ լինելու։ Առնուազն 4–5 ամիս պէտք կը լինի, որպէսզի բնակարանային ծրագրով ապահովուեն։ Սա լրջագոյն խնդիր է։ Մենք մեր դիրքորոշումը յայտնել ենք»,- շեշտած է ան։
Ինչ կը վերաբերի արշաւներուն՝ Իսկանդարեանն ըսած է, որ, բնականաբար, ատոնք պիտի շարունակուին։ «Խորհուրդը հանդէս է գալիս ոչ միայն արցախցիների սոցիալական խնդիրներով։ Այն ունի 12 կէտ. առաջինը՝ արցախցիների հաւաքական վերադարձն է, գերիների վերադարձն է։ Բազմաթիւ խնդիրներ կան, որոնք դեռ լուծուած չեն, եւ խորհուրդը իր դիրքորոշումը չի փոխել»,- ընդգծած է ան։