image
Հրատապ լուրեր:

Արայիկ Յարութիւնեան նոր նախարարներ նշանակեց

Արայիկ Յարութիւնեան նոր նախարարներ նշանակեց

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը ստորագրած է հրամանագրեր եւ հաստատած կառավարութեան որոշում:

Համաձայն հրամանագրերու՝ Սրբուհի Արզումանեանն ազատուած է Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի առաջին տեղակալի պաշտօնէն եւ նշանակուած՝ Արցախի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարար:

Արամ Սարգսեանը նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան քաղաքաշինութեան նախարար:

Դաւիթ Բաբայեանն ազատուած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի պաշտօնէն:

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար նշանակուած է Սերգէյ Ղազարեանը՝ ազատուելով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչի պաշտօնէն:

Արմէն Մանգասարեանը նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան ընկերային զարգացման եւ գաղթականութեան նախարար:

Նոյն օրը նախագահը հաստատած է կառավարութեան որոշում Արմէն Մանգասարեանը Արցախի Հանրապետութեան բնակարանային հարցերու կոմիտէի նախագահի պաշտօնէն ազատելու մասին:

Արցախի Հանրապետութեան բնակարանային հարցերու կոմիտէի նախագահի պարտականութիւնները ժամանակաւորապէս վերապահուած են կոմիտէի նախագահի տեղակալ Իննա Իշխանեանին: