image

Արայիկ Յարութիւնեան Հայաստանին զգոյշ ըլլալու կոչ ըրաւ

Արայիկ Յարութիւնեան Հայաստանին զգոյշ ըլլալու կոչ ըրաւ

ՀՀ իշխանութիւններու հետ ունինք շատ աշխուժ շփումներ, պարբերաբար, եթէ ոչ ամէն օր կը շփուինք, եւ այդ չէր ալ կրնար այլ կերպ ըլլալ: Այս մասին, 6 օգոստոսին, Արցախի հեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցին նշած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը՝ պատասխանելով ՀՀ իշխանութիւններու հետ յարաբերութիւններու վերաբերեալ հարցին:

«Խօսում ենք պրոբլեմների մասին, լինում են տարաձայնութիւններ եւ ամենակարեւոր տարաձայնութիւնը միշտ ղարաբաղեան խնդրի հետ է կապուած: Ես ուզում եմ յորդորել ՀՀ իշխանութիւններին զերծ մնալ այն քայլերից, յայտարարութիւններից, որը կարող է կասկածի տակ դնել Արցախի ինքնորոշումը: Արցախեան շարժումը սկսուել է 1988 թուականին ոչ թէ մարդու, ոչ թէ ղեկավարի կամ իշխանութեան, այլ ժողովրդի կողմից, այն արտացոլուել է հանրաքուէներով, յայտարարութիւններով եւ այն որեւէ մէկ մարդու մենաշնորհ չէ: Ուզում եմ յորդորել ՀՀ իշխանութիւններին Լեռնային Ղարաբաղի հարցով լինել շատ զգոյշ,  ոչ մէկ իրաւունք չունի կասկածի տակ դնելու եւ սահմանափակելու մեր ինքնորոշման իրաւունքը: Դա բացառիկ իրաւունք է, որը չի տրուել իշխանութիւնների կողմից, այլ միջազգայնօրէն ճանաչուած է եւ այդ իրաւունքի առումով պատրաստակամութիւն է յայտնել պայքարել Արցախի ժողովուրդը, եւ որին սատար է կանգնում հայ ժողովուրդը»,- ըսած է ան:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահը նշած է, որ ժողովուրդն այդ պատրաստակամութիւնը յայտնած է՝ հասկնալով, որ պիտի ունենայ պատերազմներ, զրկանքներ եւ այսօր ալ Արցախի ժողովուրդը կը կրէ զրկանքներ՝ գիտակցելով մէկ բան, որ սա իր իրաւունքի պայքարն է, որ սկսած է 1988 թուականին:

«Պէտք է գիտակցենք, որ կը լինեն տարաձայնութիւններ, բայց համոզուած եմ, որ ամէն ինչ հարթուելու է, ամէն ինչ չէ կորսուած»,-ըսած է ան:

 Արայիկ Յարութիւնեանը շեշտեց, որ աշխարհասփիւռ հայութենէն առաջին հերթին բարոյական աջակցութիւն կ'ակնկալէ, նաեւ նիւթական աջակցութիւն, քանի որ այսօր Արցախի մէջ միայն կը զբաղին հողագործութեամբ: