Լիբանանի հարաւը տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող հայկական ջոկատը` գլխաւորութեամբ ջոկատի հրամանատար քափիթեն Կարէն Աթոյեանի, 9 մայիս 2017-ի առաւօտեան այցելած են Անթիլիասի Մայրավանք եւ Վեհարանին մէջ հանդիպում ունեցած են Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ, որուն ներկայ եղած է նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան՝ Սամուէլ Մկրտչեանը։
Հրամանատար քափիթեն Կարէն Աթոյեան ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձած է ջոկատի անդամներուն առաքելութեան` նշելով, որ անոնք մասնակցած են տարբեր զօրավարժութիւններու, ինչպէս նաեւ պաշտպանողական գործողութիւններու։
Վեհափառ Հայրապետը ողջունած է հայոց բանակի քաջ զինուորները, որոնք հպարտութիւն կ՚առթեն հայրենիքին ու համայն հայութեան։
Անդրադառնալով հայ զինուորներուն` Լիբանանի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն կատարելու հանգամանքին, Նորին Սրբութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնած է այս գծով, որովհետեւ հայութիւնը խաղաղութիւն սիրող եւ խաղաղութեան հաստատման մասնակից դարձող ազգ է, բացի երբ փորձ կատարուած է խլելու իր իրաւունքները։ Ան իր գոհունակութիւնը յայտնած է, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող հայկական ջոկատը ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ գիտակցութեամբ կատարած է իր առաքելութիւնը` յոյս յայտնելով, որ Լիբանանի մէջ իրենց աշխատանքը աւարտելէ ետք զինուորները Հայաստան կը վերադառնան վերանորոգ կամքով ու կորովով։
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ իր ուրախութիւնը յայտնած է, որ հայկական ջոկատին այցելութիւնը Անթիլիասի Մայրավանք կը զուգադիպի Շուշիի ազատագրութեան 25 ամեակին։ Ան շեշտեց, թէ Շուշին ազատագրութեան խորհրդանիշ է, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքին ու հայրենիքին համար իր արիւնը թափելու յանձնառութեան։
Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղած է, մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց կարելին կատարեն մասնակցելու հայոց բանակին առաւել հզօրացման աշխատանքին, եզրակացնելով՝ թէ հզօր բանակ կը նշանակէ հզօր հայրենիք, հզօր հայրենիք կը նշանակէ հզօր Սփիւռք։
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան շնորհակալութիւն յայտնած է Վեհափառ Հայրապետին` ընդունելութեան համար, եւ վստահեցուծ է, որ քաջարի զինուորները ո՛ւր ալ գտնուին նոյն ոգիով ու պատասխանատուութեամբ պիտի շարունակեն իրենց առաքելութիւնը` հաստատելով, որ Վեհափառ Հայրապետին պատգամն ու օրհնութիւնը տարբեր խորհուրդ ու կարեւորութիւն պիտի ունենայ անոնց համար։
Աւարտին վեհափառ հայրապետը խաչեր ու աղօթագիրքեր նուիրեց իւրաքանչիւր զինուորի։