Օրերս Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական Ծոցի Ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան եւ Կլենտէյլի Հայ Նազովրեցի եկեղեցւոյ Վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեան այցելած են Արևմտեան Ամերիկայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ, Գերշ. Տ Յովնան Արք. Տէրտէրեանին:
Եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի պաշտօնական կայքէն։
Ստորեւ եղած հրապարակումը՝
Երկուշաբթի 2 Յունիսի, 2025, Արևմտեան Ամերիկայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ, Գերշ. Տ Յովնան Արք. Տէրտէրեան հիւրընկալեց Սուրբ Գրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու բաժանմունքի ընդհանուր քարտուղար Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանին ընկերակցութեամբ Վեր Սերոբ Մկրտիչեանի, հոգեւոր հովիւ Հայ Նազովրեցի եկեղեցիի, Կլենտէյլ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ շուտով լոյս տեսնող Մանուկներու Աստուածաշունչի տպագրութիւնը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան: