image

Արամ Պէքարեան՝ «Տիպար ՀՄԸՄ-ական»

Արամ Պէքարեան՝ «Տիպար ՀՄԸՄ-ական»

Օրերս ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Շրջանին մէջ վաստակաշատ մարզիկն ու միութենականը՝ Արամ Պէքարեան յայտարարուած է «Տիպար ՀՄԸՄ-ական»։ 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ՝ Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ այս տարուան՝ 2024ի «Տիպար ՀՄԸՄական»ի տիտղոսին պիտի արժանանայ ՀՄԸՄի Քրեսենթա Հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղի անդամ, վաստակաշատ ՀՄԸՄական՝ Արամ Պէքարեան, նկատի ունենալով եղբօր երկար տարիներու բեղուն գործունէութիւնը եւ համեստ ու ազնիւ նկարագիրով միշտ ծառայելու պատրաստակամութիւնը՝ ՀՄԸՄի շարքերուն մէջ: