Լիբանանահայ Արամ Գարատաղլեան նշանակուած է Լիբանանի Կաթողիկէ վարժարաններու գործադիր մարմնի անդամ։
«Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ պէյրութեան աղբիւրներէ։
Մանրամասնութեանց մէջ կը նշուի, որ հինգշաբթի, 29 Յուլիս 2021-ին, առաւօտեան ժամը 11:30-ին, Լիբանանի Կաթողիկէ դպրոցներու կեդրոնատեղիին մէջ, տեղի ունեցաւ Լիբանանի Կաթողիկէ դպրոցներու քարտուղարութեան նոր գործադիր մարմնի անդմաներու ընտրութիւնը:
Գործադիր մարմինը կը բաղկանայ ութ անդամներէ, որոնցմէ չորսը նշանակովի են. նշանակուողները կ'ըլլան այն դպրոցներու համախմբումներէն, որոնք ամենաշատ աշակերտներ ունին, իսկ միւս չորսը՝ ընտրովի: Այս խորհուրդը՝ գործադիր մարմինը, ուղղակի կ'օժանդակէ նորանշանակ ընդհանուր քարտուղարին :
Այս չորս անդամներէն, առաջին անգամ ըլլալով ընտրուեցաւ հայ թեկնածու մը Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան ներկայացուցիչ եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ- Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Պրն. Արամ Գարատաղլեան:
Նշենք, որ Արամ Գարատաղլեան անդամ է միեւնոյն քարտուղարութեան ուսումնական յանձնախումբին, վերջերս նշանակուած էր նաեւ Կաթողիկէ Անկլոֆոն Դպրոցներու Ընդհանուր Համակարգող:
Յայտնենք, որ Լիբանանի Կաթողիկէ դպրոցներու ընդհանուր քարտուղարութիւնը կը համախմբէ Լիբանանի բոլոր Կաթողիկէ համայնքներու վարժարանները, որոնց թիւը կը հասնի 320-ի եւ անոնց աշակերտութիւնը՝ 180.000-ի:
Մեր կարգին լաւագոյն բարեմաղթութիւնները կը յղենք պրն. Գարատաղլեանին մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ արդիւնաւէտ գործունէութիւն։