image
Հրատապ լուրեր:

Արամ Ա. Կաթողիկոս Պաապտայի պալատէն. «Մենք՝ հայութիւնը, ձեր կողքին ենք» (Լուսանկարներ)

Արամ Ա. Կաթողիկոս Պաապտայի պալատէն. «Մենք՝ հայութիւնը, ձեր կողքին ենք» (Լուսանկարներ)

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, այսօր, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մեծաթիւ միաբաններու պատուիրակութեան մը գլխուն այցելութիւն տուած է Լիբանանի նորընտիր նախագահ Զօր. Ժոզէֆ Աունին։

Այս առիթով, Կաթողիկոսը, շնորհաւորելէ ետք նախագահ Ժոզէֆ Աունը իր այս կարեւոր եւ պատասխանատու պաշտօնին համար, յայտարարած է, որ ինք՝ որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, ինչպէս նաեւ ամբողջ հայութիւնը զօրավիգ կը կանգնին նախագահ Աունին։

Արամ կաթողիկոս այս առումով մասնաւորապէս ըսած է. «Մենք՝ որպէս հայութիւն, Ձեր կողքին ենք, Ձեր ընտրութիւնը յոյսի նոր շող մըն է մեր ժողովուրդին համար»։

Իր կարգին, նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Կաթողոկոսին եւ իր նախագահած պատուիրակութեան, ըսած է. «Մեծ է ստանձնած պարտականութիւնս, բոլորս մէկ պէտք է արդարացնենք մեր վրայ դրուած յոյսերը եւ ձեռք ձեռքի տալով վերակառուցենք Լիբանանը, որ վստահ եմ հեշտ գործ կը դառնայ, եթէ ունենանք միասնական կեցուածք»։

Նշենք, որ այցի աւարտին Արամ Ա. Կաթողիկոս յատուկ նուէրով մը պատուած է նախագահ Աունը։ 

Այցելութեան նաեւ ընկերակցած է լիբանանեան խորհրդարանին մէջ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան՝ Յակոբ Բագրատունին։