image

Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովուական այցելութիւնը Միւնխէնի Հայ Համայնք

Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովուական այցելութիւնը Միւնխէնի Հայ Համայնք

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ․ Սերովբէ եպս. Իսախանեանը օրերս հովուական այցելութիւն մը տուած է Միւնիխ, ուր Ս. Աննա եկեղեցուոյ մէջ մատուցած է Ս. Պատարագ։

Այս մասին «Արեւելք» կարդաց Թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ 

Փետրվարի 4-ին հովուական այցելութեամբ Միւնխէնի Ս. Աննա եկեղեցուոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցեց Առաջնորդ Գերշ. Տ․ Սերովբէ եպս. Իսախանեանը։ Սուրբ Սեղանին սպասարկեց Բաւարիոյ Հայ Համայնքներու հոգեւոր հովիւ արժ. Տ․ Այգիկ քհնյ. Յովհաննիսեանը։

Ս. Պատարագին ներկայ էին Բաւարիոյ մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Տիկին Տոքթ․ Քրիստինե Զասսէն եւ քույր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։ Ս. Պատարագի աւարտին Սրբազան Հայրը օրհնեց Միւնիխի Հոմենեթմենական սքաութներին, որոնք խրախուսական շքանշաններ ստացան իրենց կրօնական գիտելիքների դասընթացքը յաջողող անցնելու կապակցութեամբ։

Այնուհետեւ Եկեղեցական միութեան կազմակերպութեամբ Ս. Մոնիքա եկեղեցոյ սրահին մէջ տօնախմբուեց Վարդանանց տօնը`աւանդական հարիսայով։ Վերջաւորութան ներկաներին օրհնութեան իր խօսքը փոխանցեց Սերովբէ Սրբազանը։