Սէուտական պետական հեռուստատեսութիւնը հաղորդած է, որ Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորած Արաբական դաշինքը ոչնչացուցած է հուսիներու հեռահաղորդակցութեան համակարգը, որ կ'օգտագործուէր անօդաչու թռչող սարքերը կառավարելու համար: Հարուածը հասցուած է կապի նախարարութեան: Դաշինքը յայտարարած է, որ հուսիները կ'օգտագործեն նախարարութեան շտաբը «թշնամական գործողութիւններ իրականացնելու համար»:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Դաշինքը Եմէնի մայրաքաղաք Սանաայի մէջ նախարարութիւններու մէջ աշխատող խաղաղ բնակիչներուն նախապէս զգուշացուցած էր շտապ տարհանման անհրաժեշտութեան մասին: