image

Ապու Տապին աշխարհի, իսկ Պոլիսը Թուրքիոյ ամենավտանգաւոր քաղաքներն են

Ապու Տապին  աշխարհի, իսկ Պոլիսը Թուրքիոյ ամենավտանգաւոր քաղաքներն են

Աշխարհի ամենաապահով քաղաք ճանչցուած է Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու Ապու Տապի  քաղաքը։ Այս քաղաքի մէջ յանցագործութիւններու մակարդակը կը կազմէ ընդամէնը 11․74 տոկոս։ Երկրորդ տեղը կը գրաւէ Քաթարի մայրաքաղաք Տոհան (13.11 տոկոս)։ Երրորդ հորիզոնականի վրայ է Ճափոնի Օսաքա շրջանը, ուր յանցագործութիւններու մակարդակը կը կազմէ 13․79 տոկոս։

Ուսումնասիրութեան համաձայն՝ ամէնէն շատ յանցագործութիւնները կը կատարուին Հոնտուրասի Սան Փեթրօ Սուլա քաղաքին մէջ։

Ուսումնասիրութիւնը կ'ընդգրկէ աշխարհի 338 քաղաք։ Այս ցանկին մէջ Պոլիսը ճանչցուած է Թուրքիոյ ամենավտանգաւոր, իսկ Էսքիշեհիրը՝ ամենաանվտանգ քաղաք։ Պոլսոյ մէջ յանցագործութիւններու մակարդակը կը կազմէ 49․83 տոկոս, Էսքիշեհիրի մէջ՝ ընդամէնը 18․36 տոկոս։ Գործակալութիւնը ուսումնասիրած է նաեւ Թուրքիոյ այլ քաղաքներու անվտանգութեան մակարդակը։ Մանաւորապէս պարզուած է, որ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ յանցագործութիւններու մակարդակը կը կազմէ 42․76 տոկոս, Իզմիրի մէջ՝ 27․16, Պուրսայի մէջ՝ 22․96 տոկոս։

Պարզուած է նաեւ, որ 2018-ին անվտանգութեան եւ յանցագործութիւններու թեմայով մամուլի մէջ ընդհանուր առմամբ 317․737 լուր  տեղ գտած է, որոնցմէ ամէնէն յաճախ կը խօսուի գողութեան, բռնութեան, բռնաբարութեան եւ առողջութեան վնաս հասցնելու յանցագործութիւններու մասին։

 Նշենք,  որ ուսումանիսիրութիւնը կատարուած է «PRNet»  գործակալութեան   կողմէ։

 

 

 Լուրը ՝«Էրմէնիհապէր» կայքէն։