Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսը կոչ ըրած է դադրեցնելու լարուածութիւնը Լիբանանի մէջ, եւ՝ Իսրայէլի ռմբակոծութիւնները:
Քահանայապետը դիմած է հաւատացեալներուն՝ կոչ ընելով աղօթելու անոնց համար, որոնք կը տառապին աշխարհի բոլոր հակամարտութիւններէն, ներառեալ Մերձաւոր Արեւելքը, Ուքրանիան, Միանմարը եւ Սուտանը: Այս մասին գրած է euronews.com-ը:
«Յոյսով եմ, որ միջազգային հանրութիւնը բոլոր ջանքերը կը գործադրէ այս սարսափելի մագլցումը կանգնեցնելու համար։ Սա անընդունելի է: Ես իմ կարեկցանքը կը յայտնեմ լիբանանցի ժողովուրդին, որ արդէն չափազանց շատ տուժած է ոչ վաղ անցեալին», -ըսած է ան։
Նշենք, որ Իսրայէլի զանգուածային օդային հարուածներու հետեւանքով միայն այս շաբաթ Լիբանանի մէջ 600-է աւելի մարդ զոհուած է: Իսրայէլը պնդած է, որ կը թիրախաւորէ միայն լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժման կառոյցները, սակայն զոհուած են մեծ թիւով խաղաղ բնակիչներ: