image

Արեւելեան Թեմ. Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. օծեց Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ նոր խաչը

 Արեւելեան Թեմ. Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք.  օծեց Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ նոր խաչը

ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, օրերս, Նիւ Պրիթըն, Քընէթիքըթի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագին, Սուրբ Միւռոնով օծած է եկեղեցւոյ բնատիպ խաչի կրկնօրինակը, որ շուտով պիտի զետեղուի եկեղեցւոյ մուտքի գագաթին։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ թեմի պաշտօնական կայքէջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Շաբաթ, 22 Փետրուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մասնակցեցաւ Ս. Պատարագին Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Պրիթըն, Քընէթիքըթ)։ Ս. Պատարագը մատուցանեց Արժպ. Տ. Արամ Ա. Քհն. Ստեփանեան՝ եկեղեցւոյ պատուակալ հովիւը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սուրբ Միւռոնով օծեց եկեղեցւոյ բնատիպ խաչի կրկնօրինակը, որ շուտով պիտի զետեղուի եկեղեցւոյ մուտքի գագաթին։ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց հոգաբարձութեան հետեւողական աշխատանքը եկեղեցւոյ վերանորոգման եւ ծխական կեանքի վերաշխուժացման համար, առ ի պատրաստութիւն յառաջիկայ Հոկտեմբերին տօնախմբելու եկեղեցւոյ հիմնադրման 100ամեակը։ Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ընդունելութիւն։

Հաճելի անակնկալ մը խանդավառեց ներկաները, երբ ծննդեան տարեդարձի կարկանդակ բերուեցաւ 104 տարեկան ծխական՝ տիկ. Սիւզըն Քոչունասին, եւ կարդացուեցաւ քաղաքապետին կողմէ յայտարարագիրը այդ առիթով։ Նաեւ Սրբազան Հայրը ներկայացուց նոյն առիթով Առաջնորդարանի կողմէ բարեմաղթութեան գիր մը։