Անօդաչու սարքերը, որոնք փորձած են մօտենալ եւ յարձակում իրականացնել Ռուսիոյ Դաշնութեան մայրաքաղաք Մոսկուայի վրայ, ոչնչացուած են Քալուկայի մարզի եւ Մերձմոսկուայի Իսթրա շրջանի մէջ, յայտարարած է քաղաքապետ Սերգէյ Սոպեանին։
«Այս գիշեր հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը Քալուկայի մարզի եւ Իսթրայի շրջանի մէջ ոչնչացուցած են անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք կը փորձէին յարձակում իրականացնել Մոսկուայի վրայ: Բեկորներու անկման վայրը աւերածութիւններ եւ զոհեր չկան», - գրած է Սոպեանին թելեկրամեան ալիքով: