image

Անօդաչու սարքեր հարուածած են Մոսկուան.Կան վնասներ

Անօդաչու սարքեր հարուածած են Մոսկուան.Կան վնասներ

Մոսկուայի մէջ անօդաչու թռչող սարքերու հարուածէն երկու բնակելի շէնք վնասուած է։ Ինչպէս «ՌԻԱ Նովոստի»ի հետ զրոյցին նշած է արտակարգ ծառայութիւններու ներկայացուցիչը, շէնքերէն մէկը կը գտնուի Փրոֆսոյուզնաիա փողոցին վրայ, միւսը՝ Աթլասովի փողոցի։ Անօդաչուներու հարուածներու հետեւանքով տուժածներ չկան։

«Անօդաչուները հարուածած են Փրոֆսոյուզնաիա փողոցի 98 հասցէին վրայ գտնուող բնակելի շէնքի վերին յարկերը։ Քանդուած են տան ճակատն ու պատուհանները։ Տուժածներ չկան»,–ըսած է գործակալութեան զրուցակիցը՝ աւելցնելով, որ նմանատիպ միջադէպ գրանցուած է նաեւ Աթլասովի փողոցին վրայ գտնուող 24 յարկանի բնակելի շէնքին մէջ։

Մոսկուայի քաղաքապետ Սերգէյ Սոպեանինն իր թելեկրամեան ալիքին միջոցաւ հաստատած է նորութիւնը՝ ընդգծելով, որ յարձակման հետեւանքով լուրջ տուժածներ չկան, իսկ արտակարգ իրավիճակներու ծառայութիւնները կը գտնուին դէպքի վայր եւ կը փորձեն պարզել միջադէպի պատճառները։ Ան նաեւ կոչ ըրած է հետեւելու պաշտօնական լրահոսին ու չտարածել չհաստատուած տեղեկութիւններ։

Սոպեանինի խօսքով՝ շէնքերը աննշան վնասներ կրած են։ Արտակարգ իրավիճակներու ծառայութիւններու աշխատանքի ընթացքին բնակիչները տարհանուած են, սակայն աւելի ուշ վերադարձած են իրենց բնակարաններ։

Իր հերթին Մերձմոսկուայի նահանգապետ Անտրէյ Վորոպեովը յայտնած է, որ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը Մոսկուային մօտեցող քանի մը անօդաչու թռչող սարք խոցած են։ Ան շրջանի բնակիչները յորդորած է հանգստութիւն պահպանել, քանի որ պայթումի նմանող ձայները Հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու աշխատանքի հետեւանք եղած են։