image

Անի Պոտուր Արեւեանի պարգեւատրումը՝  Քեպէգի մէջ

Անի Պոտուր Արեւեանի պարգեւատրումը՝  Քեպէգի մէջ

Օրերս, Քեպէգի Խորհրդարանին մէջ, տիկին Անի Պոտուր Արեւեանի յանձնուած է Քեպէգի Ազգային ժողովի շքանշան՝ Լաւալի շրջանէն ներս տասնամեակներու ընթացքին Քեպէգի հանրային կեանքին մէջ իր կատարած կամաւոր աշխատանքներուն եւ ներդրումին համար։

Ներկայ էր նաեւ Բնապահպանութեան փոխ նախարար Պէնուա Շարէթը:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւններ քաղեց Գանատայի «Հորիզոն» պարբերականէն, որուն կողմէ ալ տարածուած լրատւութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ՝

26 Փետրուար 2025-ին, Քեպէգի Խորհրդարանին մէջ, Շոմէտի շրջանի երեսփոխան Սոնա Լախոյեան Օլիվիէի ձեռամբ, Լաւալի շրջանէն ներս տասնամեակներու ընթացքին Քեպէգի հանրային կեանքին մէջ իր կատարած կամաւոր աշխատանքներուն եւ ներդրումին համար՝ տիկին Անի Պոտուր Արեւեանի յանձնուեցաւ Քեպէգի Ազգային ժողովի շքանշան, ներկայութեամբ Բնապահպանութեան փոխ նախարար Պէնուա Շարէթի: Այս առթիւ տիկին Արեւեանին իր շնորհաւորագիրը յղեց նաեւ Քեպէգ նահանգի Խորհրդարանի անդամ Միշէլ Սեթլաքուի։

Տիկին Արեւեան 1984-էն ի վեր, իր կեանքը նուիրած է կամաւոր աշխատանքի՝ Քեպէգի մէջ կազմակերպելով հաւաքներ, միջմշակութային փառատօներ, դպրոցական գրադարաններու վերադասաւորման աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ 2000 թուականին Լաւալի մէջ տեղի ունեցած Sydney Paralympic Games-ի կազմակերպման աշխատանքներուն ընթացքին ունեցած է իր նշանակալի դերակատարութիւնը: Տիկին Արեւեան նաեւ բեղուն գործունէութիւն ծաւալած է հայ գաղութէն ներս եւ եղած է Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբի առաջին անդամներէն։

Շքանշանի յանձնման արարողութեան ներկայ էին Խորհրդարանի անդամներ տիկին Սելին Հայթայեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յովիկ Թիւֆէնքճեան եւ ՀՅԴ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի եւ Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Սարգիս Եագուպեան։

Նշենք, որ Քեպէգի Ազգային ժողովի շքանշանը կը յանձնուի այն քաղաքացիներուն, որոնք նշանակալի ներդրում ունեցած են Քեպէգի հասարակական եւ մշակութային կեանքին մէջ: