Անհետ կորսուած զինծառայող Սարգիս Ղուկասեանի հօրեղբայրը՝ Արսէն Ղուկասեանը, մէկ ամիսով կալանաւորած են։ Այս մասին դիմատետրեան իր էջին յայտնած է անյայտ կորսուած անձանց հարազատներու փաստաբան Տաթեւիկ Սողոյեանը։
Գործը քննարկուած է Երեւանի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանի Աւան նստավայրին մէջ` դատաւոր Մասիս Մելքոնեանի նախագահութեամբ:
Հոկտեմբեր 6-ին Սողոյեանը յայտնած էր, որ սեպտեմբեր 29-ին Պաշտպանութեան նախարարութեան շէնքի մօտ տեղի ունեցած քաշքշուկի առթիւ Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Ռազմական ոստիկանութեան ծառայողներու հաղորդման հիման վրայ նախաձեռնուած վարոյթի շրջածիրէն ներս ձերբակալուած են անյայտ կորսուած անձանց հարազատներ Արսէն Ղուկասեանը եւ Ապիջան Սարգսեանը:
Քննչական կոմիտէէն ալ յայտնած էին, որ անոնց նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում խուլիգանութեան եւ պաշտօնատար անձի օրինական ծառայողական կամ քաղաքական գործունէութեան միջամտելու յօդուածներով։
Յիշեցնենք, որ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին անհետ կորսուած զինծառայողներու ծնողները սեպտեմբեր 29-ին հաւաքուած էին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան շէնքի դիմաց՝ իրենց պահանջը բաւարարելու ակնկալիքով։ Անոնք կը պահանջէին հանդիպում Զինուած ուժերու ընդհանուր սպայակոյտի պետ Էդուարդ Ասրեանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար, ներկայիս ՀՀ Զինուած ուժերու ընդհանուր սպայակոյտի պետի խորհրդական Կամո Վարդանեանի հետ։
Ցոյցի ընթացքին ծեծկռտուք տեղի ունեցած էր ծնողներու եւ ռազմական ոստիկանութեան ծառայողներու միջեւ։