image

Անդրանիկ Դանիէլեանի մահը՝ Երեւանի մէջ

Անդրանիկ Դանիէլեանի մահը՝ Երեւանի մէջ

 Երեւանի մէջ մահացած է հալէպահայ մեր հայրենակից՝ Անդրանիկ Դանիէլեան։ 

 Հանգուցեալը հալէպահայ շրջանակներուն մէջ ճանչցուած էր, որպէս վարպետ արհեստաւոր (մեքենագործ) եւ իր մտերիմները զինք կը ճանչնային «Ապու ազիզ» անունով։ 

1946 Թուականին Ռաս ուլ այն ծնած մեր հայրենակիցը փոքր հասակէն նետուած է կեանքի ասպարէզ եւ շնորհիւ իր աշխատասիրութեան կարողացած է դառնալ օրինակելի եւ յարգուած արհեստաւոր։ 

 Եղած է սիրալիր հայր  3 զաւակներու եւ իր ամբողջանուէր գործունէութեամբ կարողացած է իր զաւակներուն շնորհել հայեցի եւ ազգային դաստիարակութիւն։

Զինք ճանչցողները կը վկայեն, որ «Ապու ազիզ»ը սիրուած էր բոլորէն, մեծին հետ մեծ եւ փոքրին հետ ալ փոքր դառնալով ու իր շրջապատին մէջ տարածելով սէր եւ միութիւն։

 Հանգուցեալի յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգը տեղի պիտի ունեցաւ չորեքշբաթի օր  19 ապրիլին, Երեւանի Կոնդի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ ալ անոր մարմինը ամփոփուած է հայրենի հողին մէջ։