image

Անցնող 6 ամիսներուն Արցախի մէջ լոյս աշխարհ եկած է 792 երեխայ

Անցնող 6 ամիսներուն Արցախի մէջ լոյս աշխարհ եկած է 792 երեխայ

2022 թուականի առաջին կիսամեակին Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան բժշկական հաստատութիւններուն մէջ ծնած է 792 երեխայ ՝ 406 տղայ, 386 աղջիկ: Այս մասին կը հաղորդէ Արցախի Հանրապետութեան Առողջապահութեան նախարարութիւնը:

Նշուած է, որ քաղաք Ստեփանակերտի մէջ ծնած է 697 երեխայ. շրջաններուն մէջ առաւելագոյն ծնունդներու քանակ գրանցուած է Մարտակերտի՝ 66, եւ Մարտունիի մէջ՝ 29:

Յունուար-յունիս ժամանակահատուածին Արցախի մէջ արձանագրուած է զոյգ երեխաներու 4 ծնունդ:

Հարկ է նշել, որ 6 երեխայ ծնած է արտամարմնային բեղմնաւորման ճանապարհով, որմէ 3-ը տղայ, 3-ը՝ աղջիկ:

Արցախի Հանրապետութենէն ՀՀ բժշկական հաստատութիւններու մէջ ծնած է 15 երեխայ՝ 8 տղայ, 7 աղջիկ: Այսպիսով՝ Արցախի Հանրապետութեան մէջ ընդհանուր ծնելիութիւնը առաջին կիսամեակին կազմած է 807 երեխայ՝ 414 տղայ, 393 աղջիկ:

2021 թուականի առաջին կիսամեակի ընթացքին Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան բժշկական հաստատութիւններուն մէջ ծնած է 593 երեխայ՝ 270 տղայ, 323-աղջիկ, որ կը նշանակէ, որ ընթացիկ տարուան նոյն ժամանակահատուածին ունինք ուրախալի փաստ այն առումով, որ ծնունդներու թիւն աճած է գրեթէ 200-ով, եւ նորածիններու մէջ կը գերակշռեն ապագայ զինուորները: