image

Անակնկալ փոփոխութիւններ Սուրիոյ մէջ. Ասատ նոր հաշտութի՞ւն պիտի կնքէ

Անակնկալ փոփոխութիւններ Սուրիոյ մէջ. Ասատ նոր հաշտութի՞ւն պիտի կնքէ

«Middle East Eye» կայքը յօդուած մը հրապարակած է, ուր հարց բարձրացուցած է, թէ արդեօք Ասատ եւ Էրտողան նոր համաձայնագի՞ր պիտի կնքեն, միաժամանակ շեշտելով, որ երկու թշնամիներում միջեւ կայանալիք երկխօսութիւնը ուշագրաւ դէպք պիտի ըլլայ:

Կայքը նշած է, որ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ նախագահները անցնող չորեքշաբթի օր հանդիպում ունեցան, նպատակ ունենալով Սուրիոյ համար նոր ճանապարհային քարտէզ գծել, մինչդեռ Էրտողան յայտարարեց, որ Սուրիոյ ժողովուրդին համար ընդունելի եւ մշտական լուծում կը ձգտի գտնել:

«Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ, որ տարիներէ ի վեր պատերազմի արհաւորքը կը կրէր, Սոչիի համաժողովի արդիւնքներն անոր համար հեշտ պիտի թուան ըլլալ, ի տարբերութիւն իրականութեան»,- յայտնած է կայքը, աւելցնելով, որ Թուրքիոյ մասնակցութեան նպատակը ոչ ծայրայեղ սուննիները քննարկման սեղանի շուրջ հաւաքելն է:

Յօդուածագիրը մանրամասնած է, որ Ասատի եւ Էրտողանի միջեւ երբեմնի լաւ յարաբերութիւնները վատթարացան Սուրիոյ ճգնաժամի օրերուն Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչական խմբաւորումներուն ցուցաբերուած աժակցութեան պատճառով, սակայն այսօր այլ է Թուրքիոյ մօտեցումը: Ներկայիս Էրտողանի միակ նպատակն է Սուրիոյ մէջ քիւրտերու ինքնիշխանութիւնը ճնշել, որուն վառ ապացոյցն է այն, որ Էրտողան արարկեց քիւրտերու մասնակցութեան դէմ Սուչիի համաժողովին, սակայն նման մօտեցում չցուցաբերեց Ասատի եւ Սուրիոյ կառավարութեան նկատմամբ:

Այս առթիւ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան մօտիկ աղբիւրներ նշած են, որ այս պահուն Թուրքիոյ խոշորագոյն թշնամին ոչ թէ Ասատ է, այլ քիւրտերն են ու անոնց աժակցութիւն ցուցաբերող ԱՄՆ: