image

ԱՄՆ Ընտրութիւններու թեկնածու Ռապըրթ Քէնէտին հիւր՝ բարերար Մայք Սարեանին

  ԱՄՆ Ընտրութիւններու թեկնածու Ռապըրթ Քէնէտին հիւր՝ բարերար Մայք Սարեանին

 Վերջին օրերուն հայկական ԶԼՄ-ներու տարբեր հարթակներու վրայ երեւելի դարձաւ ամերիկացի քաղաքական գործիչ եւ մեծ աւանդ ունեցող Քէնէտի ընտանիքի ժառանգորդներէն՝ Ռապըրթ Քէնէտի «Ճունիոր»ի անունը։

 «Արեւելք»ի տեղեկութիւններով Քէնէտի տօնական օրերու առիթէն օգտուելով այցելութիւն տուած է ամերիկահայ հանրայայտ բարերար՝ Մայք Սարեանին։

 

 Դառնալով Մայք եւ Եւելինա Սարեաններու հիւրը Ռապըրթ Քէնէտի անգամ մը եւս վերանորոգած է իր հաստատականութիւնը կապուած հայկական մեծ օրակարգին նկատել տալով, որ ինք միշտ նեցուկ հայութեան ու անդաւաճան բարեկամն է հայ ժողովուրդին։

Իր կարգին Սարեան ողջունած է ամերիկացի իր հիւրը ու ըսած, որ հայութիւնը յարգանքով եւ երախտագիտութեամբ կը նայի անոր կեցուածքներուն, ոչ միայն անոր համար որ այդ կեցուածքները հայանպաստ են, այլ անոր համար, որ Ռապըրթ Քէնէտի արդարութեան դատին կողքին է։

եր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Ռապըրթ Քենետի կրտսեր օրերս հայութեան մասին ուշագրաւ գրառում մը կատարած էր ու մասնաւորապէս գրառած՝ «Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պէտք է զօրակոչի ենթարկէ միջազգային ընտանիքը, որպէսզի քայլերու ձեռնարկէ եւ ապահովէ Արցախի հայերու անվտանգ վերադարձը հայրենիք, ինչպէս նաեւ պաշտպանէ անոնց ինքնորոշման իրաւունքը»։