image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ պիտի շարունակէ Ռուսաստանի հետ Ուքրանիոյ շուրջ բանակցութիւնները

ԱՄՆ պիտի շարունակէ Ռուսաստանի հետ Ուքրանիոյ շուրջ բանակցութիւնները

ԱՄՆ-ն յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակէ Եւրոպայի գործընկերներու եւ Ռուսաստանի հետ բանակցութիւնները՝ Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած ճգնաժամը լուծելու համար: Այդ մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի բարձրաստիճան ներկայացուցիչ մը:

«Ես կը կարծեմ, որ յառաջիկայ քանի մը օրերուն մենք հաւանաբար պիտի շարունակենք խօսիլ մեր եւրոպացի գործընկերներուն հետ, մենք պիտի շարունակենք խօսիլ մեր ռուսաստանցի գործընկերներուն հետ եւ պիտի գտնենք յառաջ շարժելու ուղիները», ըսած է պաշտօնեան: