image

ԱՄՆ-ն մտադիր է մինչեւ տարեվերջ աւարտել հակամարտութիւնը Կազայի հատուածին մէջ. Ուիթքոֆ

ԱՄՆ-ն մտադիր է մինչեւ տարեվերջ աւարտել հակամարտութիւնը Կազայի հատուածին մէջ. Ուիթքոֆ

Միացեալ Նահանգները կ՚ակնկալէ, որ մինչեւ տարեվերջ պիտի կարողանայ լուծել հակամարտութեան հետ կապուած հարցը Կազայի հատուածին մէջ:

«Մենք կը կարծենք, որ այսպէս թէ այնպէս պիտի կարենանք վերջնականապէս կարգաւորել հակամարտութիւնը»,– «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ Fox News-ի եթերին ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆը։

Անոր խօսքով՝ «Համաս»ն ազդակներ կ՚ուղարկէ այն մասին, որ պատրաստ է խաղաղ լուծման, իսկ Իսրայէլ կը մեծցնէ անկլաւին ցուցաբերուող օգնութիւնը։

Ուիթքոֆը նաեւ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մտադիր է օգոստոս 27-ին Սպիտակ Տան մէջ մեծ խորհրդակցութիւն կայացնել եւ քննարկել Կազայի հատուածի յետպատերազմեան կառավարման համապարփակ ծրագիրը։

Ուիթքոֆը, չխորանալով Թրամփի ծրագրի մանրամասնութիւններու մէջ, յայտարարած է. «Շատերը պիտի տեսնեն, թէ որքան խելամիտ է այս նախաձեռնութիւնը, եւ այն կ՚արտացոլէ նախագահ Թրամփի մարդասիրական մղումները»։