image

«Հըզպալլա»-ն կը մերժէ Լիբանանի մէջ հրադադարի մասին նոր համաձայնութիւնը

«Հըզպալլա»-ն կը մերժէ Լիբանանի մէջ հրադադարի մասին նոր համաձայնութիւնը

«Հըզպալլա» զինեալ շարժումը հինգշաբթի մերժեց Լիբանանի մէջ նոր հրադադարի դրութիւնը, որ ստուեր կը ձգէ թէ՛ զինադադարի, թէ՛ Իրանի դէմ պատերազմը դադրեցնելու հեռանկարներուն վրայ, կը հաղորդէ Reuters-ը։

«Հըզպալլա»-ի առաջնորդ Նայիմ Քասեմ յայտարարած է, որ չընդունիր Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ Իսրայէլի եւ Լիբանանի կառավարութեան միջեւ կնքուած համաձայնութիւնը՝ ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու վերաբերեալ։ «Հըզպալլա»-ն բանակցութիւններու կողմ չէ։

Իսրայէլն ալ յայտարարած է, որ իր զօրքերը դուրս պիտի չբերէ Լիբանանէն, ինչը կը խաթարէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ջանքերը՝ ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ Թեհրանի հետ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ։

Իրան Լիբանանի մէջ զինադադարը առաջադրած է որպէս Ուաշինկթընի հետ որեւէ խաղաղութեան համաձայնագրի պայման եւ վերջին օրերուն ակնարկած է, որ կրնայ ուղղակիօրէն միջամտել, եթէ Իսրայէլ շարունակէ իր յարձակումները այդ երկրի դէմ։

Սակայն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփ այն կարծիքին է, որ Լիբանանի մէջ առաջընթաց արձանագրուած է, եւ երկիրը արժանի է խաղաղութեան։