image

ԱՄՆ կ՚աշխատի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ․ ԱՄՆ Արտաքին գործոց

ԱՄՆ կ՚աշխատի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ․ ԱՄՆ Արտաքին գործոց

Ուաշինհթըն կը շարունակէ աշխատիլ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։

Ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մեթիւ Միլլըր, պատասխանելով հարցին, թէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ վերջին հեռախօսազրոյցի ժամանակ արդեո՞ք ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յոյս ունէր նոր բան լսել խաղաղութեան գործընթացէն։

«Ուաշինկթըն կը շարունակէ աջակցիլ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ փոխգործակցութեան, ինչպէս նաեւ կը փորձէ լուծել այդ վէճը»,-ըսած է Միլլըր։

Յունիս 20-ին Պլինքըն հեռախօսազրոյց ունեցած է Ալիեւի հետ։ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է անյապաղ համաձայնագրի կնքման կարեւորութիւնը՝ վերահաստատելով այդ ուղղութեամբ ԱՄՆ աջակցութիւնը։