image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը մտադիր է մեծցնել հրթիռային իր զինանոցը

ԱՄՆ-ի  Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը մտադիր է մեծցնել հրթիռային իր զինանոցը

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը մտադիր է 2024 ֆինանսական տարուան 24 գերձայնային հրթիռ գնել։ ԹԱՍՍ-ի հաղորդմամբ՝ նման տուեալներ կը պարունակեն յաջորդ ֆինանսական տարուան պիւտճէի նախագծի վերաբերեալ տեղեկատու փաստաթուղթերը, որոնք հրապարակած է Փենթակոնը։

2024 ֆինանսական տարուան ամերիկեան ռազմական գերատեսչութիւնը կ'ակնկալէ 11 միլիառ տոլար յատկացնել ազգային ռազմարդիւնաբերական համալիրէն շարք մը ճշգրիտ կառավարուող զէնքեր ձեռք բերելու համար։ Ներդրումները կը ներառեն գերձայնային հրթիռներու եւ մեծ հեռահարութեան այլ հարուածային համակարգերու շարունակական մշակումներ, փորձարկումներ եւ գնումներ, գերձայնային հրթիռներու նախատիպերու լայնածաւալ մշակում եւ 24 գերձայնային հրթիռներու ձեռքբերում։

Իր հերթին, Միացեալ Նահանգներու Զինուած ուժերու շտաբներու պետերու կոմիտէի ներկայացուցիչ, փոխծովակալ Սառա Ճոյնըր լրագրողներու համար ճեպազրոյցին յայտնած է, որ Փենթակոնը կ'ակնկալէ գերձայնային սպառազինութիւն տեղակայել «օդային, ցամաքային եւ ծովային հարթակներու վրայ՝ սկսած 2020-ականներու կէսերէն՝ հաւասար ուժ ունեցող հակառակորդի դէմ զսպման առաւելագոյն արդիւնքի հասնելու համար»։