image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ-ի նպատակն է արագօրէն տեսնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատուիլը

ԱՄՆ-ի նպատակն է արագօրէն տեսնել Հայաստանի  եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատուիլը

Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) մէջ ԱՄՆ մշտական ներկայացուցիչ Մայքլ Քարփենթըրը ճեպազրոյցի ժամանակ անդրադարձած է Հարաւային Կովկասին նշելով, որ Միացեալ Նահանգները խորապէս ներգրաւուած է տարածաշրջանին, մասնաւորապէս՝ հայ-ատրպէյճանական, հայ-թրքական յարաբերութիւնններու կարգաւորման գործընթացին մէջ:

«Ես պէտք է ըսեմ, որ խորապէս ներգրաւուած ենք այս գործընթացին մէջ (հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման-Խմբ.), շատ շահագրգռուած ենք խաղաղութեան համաձայնագրի ապահովման հարցով, եւ մենք պիտի շարունակենք ուղիներ փնտռել նախարարներու (ՀՀ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն-Խմբ.) եւ առաջնորդներու հանդիպում կազմակերպելու համար:

Գաղտնիք չէ, որ մենք շատ սերտօրէն կ'աշխատինք ԵՄ-ի մեր գործընկերներուն հետ այս հարցով, նաեւ, մեծապէս աջակցելով սահմանին ԵՄ-ի ջանքերուն, կը դիտարկենք ԵԱՀԿ-ի գործիքակազմի տեղակայումը, որ Հայաստանի խնդրանքով հայ-ատրպէյճանական սահմանի հայկական կողմը տեղակայած է կարիքներու գնահատման խումբ:

Մեր նպատակը պարզ է. մենք կը ցանկանք որքան հնարաւոր է շուտ սահմանազատուած տեսնել սահմանը: Մենք կը ցանկանք որքան հնարաւոր է շուտ տեսնել խաղաղութեան համաձայնագիրը երկու կողմերուն միջեւ, որպէսզի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը վերադառնան տարածաշրջան, յարգուին մարդկային իրաւունքները եւ այս տարածաշրջանին մէջ ապրող բոլոր անհատներու անվտանգութիւնը, եւ մենք կարողանանք Հարաւային Կովկասի պատմութեան մէջ նոր էջ բանալ: Ակնյայտ է, որ այդ վերջնական վիճակին հասնելու համար որոշ ժամանակ կը պահանջուի, բայց մենք պարտաւորուած ենք ընել ամէն ինչ՝ աջակցելու այդ արդիւնքին», - ըսած է Քարփենթըր: