image

ԱՄՆ հետամուտ է պարզելու Պրիկոժինի մահուան հանգամանքները

ԱՄՆ հետամուտ է պարզելու Պրիկոժինի մահուան հանգամանքները

Միացեալ Նահանգները դեռ կը փորձէ պարզել «Վակների» հիմնադիր Եւկենի Փրիկոժինի մահուան բոլոր հանգամանքները։ Այս մասին լրագրողներուն ըսած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Պեթ Վան Շեքը, որ կը վերահսկէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան՝ ռազմական յանցագործութիւնները ճնշելու եւ հետաքննութեան հետ կապուած հարցերը։

«Մենք դեռ կը փորձենք հասկնալ, թէ ճիշդ ինչ տեղի ունեցած է: Ըստ երեւոյթին, օդանաւին մէջ պայթուցիկ սարք եղած է, որու պատճառով օդանաւը ինկած է»,- ըսած է Վան Շաքը:

Ան ընդգծած է, որ Միացեալ Նահագները կը շարունակէ «Վակներ»-ը համարել «չափազանց վտանգաւոր» կազմակերպութիւն, թէեւ «այն մնացած է առանց առաջնորդի»։

Օգոստոս 27-ին Ռուսիոյ քննչական կոմիտէն աւարտած էր գենետիկական (ծննդական) հետազօտութիւնները Տվերի մարզին մէջ օդանաւի կործանումէն ետք։ Բոլոր մահացածներու ինքնութիւնը պարզուած է, անոնք կը համապատասխանեն յայտարարուած ցուցակին, որուն մէջ ներառուած է նաեւ Փրիկոժինը։