image

ԱՄՆ Գոնկրէսի որոշ անդամներ կողմ են Թուրքիոյ F-35 վաճառելուն

ԱՄՆ  Գոնկրէսի որոշ անդամներ  կողմ են Թուրքիոյ F-35  վաճառելուն

Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսի կարգ մը անդամներ «կանաչ լոյս» տուած են Թուրքիոյ F-16 կործանիչներ վաճառելուն, Ուքրանիոյ իրավիճակի վերաբերեալ Անգարայի միջնորդական ջանքերէն ետք, տեղեկացուցած է A Haber թրքական հեռատեսիլի կայանը։

Միացեալ Նահանգները մինչ այդ Թուրքիոյ պաշտօնապէս տեղեկացուցած էր անոր նորագոյն F-35 կործանիչներու մատակարարումներու ծրագրէն դուրս հանելու մասին՝ ռուսական С-400 ՀՕՊ համակարգեր գնելու պատճառով։ Նահանգները չեղեալ համարած էր Թուրքիոյ հետ F-35-ներու վերաբերեալ համատեղ յուշագիրը՝ այն ստորագրելով նախագիծի մնացեալ գործընկերներու՝ Մեծ Բրիտանիոյ, Իտալիոյ, Հոլանտայի, Աւստրալիոյ, Դանիոյ, Գանատայի եւ Նորվեկիոյ հետ։ Թուրքիոյ նախագահ՝ Թայէպ Էրտողան հետագային յայտարարած էր ԱՄՆ-էն այլ կործանիչներու ձեռքբերումը շարունակելու մասին, բայց ոչ թէ հինգերորդ, այլ չորրորդ սերունդի՝ F-16-ներու։ Այս հարցը նոյնպէս պէտք է համաձայնեցուի Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսին մէջ, պետական բաժանմունքը կ'աջակցի հարցի լուծման՝ համոզելով գոնկրէսականները, որ գործարքը «կը ծառայէ Ուաշինկթընի շահերուն»։

«Գոնկրէսի շատ անդամներ, որոնք մինչ այդ կը ջանային Թուրքիան հանել F-35-ներու ծրագիրէն, «կանաչ լոյս» տուած են Թուրքիոյ F-16-ներ վաճառելու՝ Ուքրանիոյ մէջ ռազմական գործընթացին անոր ունեցած դերէն յետոյ։ Դերը, որ Թուրքիան խաղացած է վերջին շրջանին, նուազեցուցած է Գոնկրէսի մէջ հնարաւոր առարկութիւնները Անգարային F-16-ներ վաճառելու հարցով»,- տեղեկացուցած է հեռատեսիլի կայանը։

Կայանը նաեւ մէջբերած է ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու պալատի միջազգային յարաբերութիւններու կոմիտէի նախագահ՝ Կրեկորի Միքսի խօսքերը, որ ընդգծած է Թուրքիոյ հետ ԱՄՆ-ի աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը։

«Թուրքիան որոշ գործողութիւններ կատարած է ճիշդ ուղղութեամբ, չնայած որոշ բաներ ժամանակ առ ժամանակ կ'անհանգստացնեն մեզի, կան ոլորտներ, ուր մենք պէտք է աշխատինք Թուրքիոյ հետ»,- ըսած է քաղաքական գործիչը։

Ծերակուտականի միջազգային յարաբերութիւններու կոմիտէի ղեկավար՝ Ճիմ Րիշ, իր հերթին, ըսած է, որ «Թուրքիան վստահութեան արժանի փաստարկներ ներկայացուցած է, թէ ինչու իրեն հարկաւոր են F-16-ները»։