Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ զինուորականները ուրբաթ սկսած են Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան շրջանին մէջ նախատեսուող անվտանգութեան գօտիի երրորդ համատեղ վերահսկողական աշխատանքները։
Այս մասին կը տեղեկացնէ Թուրքիոյ պաշտպանութեան ազգային նախարարութիւնը, փոխանցած է ԹԱՍՍ-ը։
«Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ զինուորականները կ'իրականացնեն երրորդ վերգետնեայ պարեկումը Սուրիոյ Եփրատ գետէն արեւելք անվտանգութեան գօտիի ստեղծման շրջանակէն ներս, որուն կը մասնակցին զինուորական կառքեր եւ անօդաչու թռչող սարքեր»,- ըսուած է ռազմական գերատեսչութեան յայտարարութեան մէջ:
Մինչդեռ, աւելի վաղ՝ երեքշաբթի, Էրդոտան ըսած էր, որ հանրապետութիւնը մտադիր է ինքնուրոյն գործել անվտանգութեան գօտիի ստեղծման համար, ինչպէս նաեւ տեղեկացուցած էր այդ նպատակներով յանկարծակի Սուրիա մտնելու հնարաւորութեան մասին: