Ամերիկա նոր ժամանած էի եւ յաճախակի հեռաձայնողներ կ՚ունենայի, որոնք Ալիս անունով կը դիմէին ինծի: Յստակ էր, որ իմ նոր ստացած հեռաձայնի թիւս նախապէս սեփականութիւնն էր ամերիկացի Ալիսի մը: Օրական քանի մը անգամ նոյն յանկերգը կը կրկնէի. «Ես Ալիսը չեմ. սա իմ նոր թիւս է, հաւանաբար անցեալին ձեզի ծանօթ Ալիսին թիւն էր...»: Ոմանք կասկածանքով ու թերահաւատութեամբ կը մօտենային խօսքերուս, իսկ ոմանք ալ «sorry» մը կ՚ըսէին ու կ՚անհետանային:
Գոհաբանութեան տօնը նախորդող օրերուն հրաւէր-պատգամներու ( messages) տեղատարափ մը ստացայ: Յստակ էր, որ Ալիսը շատերու կողմէն սիրուած եւ ուզուած անձնաւորութիւն մըն էր։ Պատգամներէն մէկը կ՚ըսէր. « Ալի՛ս, քեզմէ կը խնդրեմ, որ տօնին յատուկ խմորեղէնը ( thanksgiving pie) դուն պատրաստես: Հաճիս հաշիւդ ըրէ, որ հրաւիրեալները մեծաթիւ են եւ առնուազն երկու կաղապարի կարիքը ունինք»: Կարդացի այս պատուէրը եւ միտքովս չարաճճիութիւն մը անցաւ: Խնդրատուին պիտի չյայտնեմ, որ ես Ալիսը չեմ, թող տօնին օրը հրաւիրեալները առանց քաղցրեղէնի մնան։
Երբ մտադրութիւնս աղջկաս՝ Շողակին, յայտնեցի ան խստօրէն պատուիրեց. «Մա՛յրս, ատանկ կատակ մը չընես. անմիջապէս պատասխանէ՛ եւ տեղեկացուր եղելութիւնը…»։
Անդրադարձայ, որ մտածածս փոքր կատակ մը չէր եւ մեծ մեղքի համազօր բան մըն էր: կարելի չէր հիւրերը այդ խորհրդաւոր օրուան քաղցրեղէնէն զրկելը։ Ուրեմն դասս սորված աշակերտի պէս պատգամ մը յղեցի եւ երկար բարակ բացատրեցի, որ ես Ալիսը չեմ. ես քաղցրեղէն պատրաստողը չեմ. սխալմամբ ձեր յոյսը վրաս չդնէք:
-Բարեւ Ալիս, ես ճէյսընն եմ, լսեցի որ վիլլադ ծախու է, անպայման ժամադրուինք եւ առուծախը վերջնականացնենք:
-Ճէյսը՛ն, ասի Ալիսը չէ...:
Խեղճ Ճէյսընը հիասթափուեցաւ, երբ իմացաւ, որ իրեն սխալ թիւ տրուած է, ձայնը խեղճացաւ ու պատմեց, որ ինք յատուկ Ամերիկա եկած էր կալուած մը գնելու եւ սեփականատիրութեան միջոցով ամերիկացի դառնալու:
-Պարոն, Ճէյսը՛ն, կը ցաւիմ, երանի՜, թէ վիլլան իմս ըլլար եւ ձեզի ձրիաբար տայի։
Յանկարծ Ճէյսընը վիլլան մոռցաւ ու սկսաւ անձիս մասին հարցումներ տալ:
Քաղաքավարութենէ մղուած քանի մը հարցումի պատասխանեցի: Մինչ այդ Շողակը կը լսէր խօսակցութիւնս եւ ընդհատեց զիս ըսելով. «Մայրս չճանչցած անձիդ հետ մի՛ խօսիր, չես գիտեր ով է, ինչ է: Ես Ալիսը չեմ ըսէ եւ հեռաձայնը անջատէ»:
Այս ալ դաս մըն էր, որ անգամ մըն ալ Ճէյսըն- Վիլլային, կամ օտարներուն հարցերուն համբերութեամբ ականջալուր չըլլամ եւ հումորով չպատասխանեմ:
Շատ յաճախ ամէնէն լուրջ հարցին կատակով մը կը պատասխանեմ: Կը կարծեմ, որ սա Լիբանանի մէջ ապրած ըլլալուս արդիւնքն է, ուր դժուարութիւնները յաճախակի երեւոյթներ են եւ ես սրամիտ կատակով մը կը փորձեմ թեթեւցնել վայրկեանի ծանրութիւնը:
-Սիլվա քալած ատենդ ձեռքդ գաւազան մը առ, դաշտագայլերը (coyotes) կրնան վրադ յարձակիլ։
Չըլլայ, որ փայտէ կամուրջին կողմը երթաս. երէկ առաւօտեան ժամը 6:30- ին կնոջ մը հետապնդեր են եւ խեղճը հազիւ կրցեր է փախուստ տալ ու փրկուիլ:
-Դաշտագայլերը այդքան ալ անխելք չեն, որ պարարտ միսով գէրերը ձգեն եւ իմ վրաս յարձակին: Անհոգ եղի՛ր, ես առաւօտ կանուխ քալողը չեմ, մասնաւորաբար կամուրջներուն վրայ: Ես լուսաբացին հետ կովերը կը կթեմ եւ ապա հաց կը թխեմ:
Օրական ցնցող լուր մը կը ստանանք: Մեր շրջանին մէջ օր ցերեկով տուներ կողոպուտի կ՚ենթարկուին: Զարմանալին այն է, որ բոլորին տուները նկարչական մեքենաներով «ապահովուած» են (camera secured) ուր գողերուն նկարները յստակօրէն կը բացայայտուին, բայց մինչեւ օրս ոստիկանութիւնը գող մը չբռնեց: Գոնէ նմոյշի համար հատ մը բռնէր։
Շրջանին բնակիչներս դիմատետրեան էջ մը ունինք, ուր ամէն մէկս մեր տան շուրջ գտնուող նկարչական գործիքներէն ստացուած տարօրինակ երեւոյթները կը տեղադրենք: Հոս խումբ մը գողեր, հոն կասկածելի երիտասարդ մը, անդին օտար ինքնաշարժ մը, ասդին տնանկ մը, օտար զոյգ մը...:
Այս արտասովոր երեւոյթները կը խռովեն մեր խաղաղութիւնը եւ կասկած ու սարսափ կը պատճառեն: Ոմանց համար նոյնիսկ «ճանճին տզզոցը» կասկածի արժանի երեւոյթ կը սեպուի։
-Մա՛յրս, ցերեկը տան մէջ առանձինդ ես, յանկարծ եթէ դուռը զարնուի չըլլայ, որ բանաս, շրջանին մէջ շատ գողութիւն կայ։
-Շողակ, երբեմն Ամազոնէն ապսպրանք ըրած կ՚ըլլաս եւ մատակարարող պաշտօնեան ստանձնողին ստորագրութիւնը կ՚ուզէ։
-Մա՛մ, ինչ կ՚ուզէ ըլլայ, դուռը մի՛ բանար, թող ապրանքը ձգէ եւ երթայ։
Գիտեմ, որ Շողակը ծայրաստիճան հոգատար է եւ վրաս շատ կը վախնայ: Վերջ ի վերջոյ քանի հատ մայր ունի...:
Քանի մը ամիս առաջ մեր տան դուռը զարնուեցաւ ու վախէս սիրտս վեր թռաւ: Անշուշտ դուռը չբացի, առաւել եւս գացի հիւրասենեակին ապակեայ հսկայ դռները կղպեցի։ Դուռը կրկին ու կրկին զարնուեցաւ, լսեցի, որ տղամարդ մը դուռին ետեւէն բարձրաձայն կ՚ըսէր. «Եկած եմ ելեկտրական ինքնաշարժը լիցքաւորող մարտկոցը ստուգելու» : Ես կը յամառիմ դուռը փակ պահել, իսկ ինք տան զանգը զարնելէն չի հրաժարիր:
Շատ բարկացած տան փայտեայ դուռը բացի ու մետաղեայ ցանցով երկրորդ դռան ետեւէն խիստ շեշտով մը ըսի. «Ես տանտէրը չեմ, գնա՛ եւ մէյ մըն ալ զանգակը չզարնես»: Գլխէս ճամբելու համար նոյնիսկ ըսի, որ ելեկտրական ինքնաշարժ չունինք:
-Տիկի՛ն, այս տան տէրը ինձմէ խնդրած է, որ գամ եւ…:
Փայտեայ դուռը մարդուն երեսին փակեցի եւ զայրացած սենեակս անցայ: Յանկարծ հեռաձայնս հնչեց, խօսողը Շողակին ամուսինը՝ Գուրգէնն էր. «Հաճիս տան դուռը կը
բանա՞ս. դրան առջեւ մարդ մը կայ, իմ ելեկտրական ինքնաշարժիս համար եկած է»:
Դուռը լափ-լայն բացի եւ լափ-լայն ժպիտով մը եկուորին ողջունեցի, ներողութիւն խնդրեցի, որ անպարկեշտ ոճով մը դիմաւորած էի զինք...:
Մարդը խիստ վիրաւորուած էր, հետեւաբար ո՛չ երեսիս նայեցաւ, ո՛չ ալ ուզեց ներողամտութեան խօսքերս լսել:
Ան անմիջապէս Գուրգէնին հետ հեռաձայնով կապուեցաւ, քննադատեց աններելի վարմունքս եւ զիս «rude lady» կոշտ-կոպիտ կին անուանեց:
Անդրադարձայ, որ ինքզինքս արդարացնելու ոչ մէկ համոզիչ տուեալ ունէի… ։
Առաւօտ մը կը քալէի, երբ մարդ մը մօտեցաւ ինծի եւ շատ քաղաքավարութեամբ բարեւեց ըսելով. «Անունս Տէյվ է, ես երկու թաղ անդին կ՚ապրիմ ջուրի ամբարտակին քով, տանս թիւը x է, քեզի յաճախ կը տեսնեմ, առօրեայ դրութեամբ կը քալես, անունդ ի՞նչ է, ո՞ւր կապրիս…»։
Թէեւ անծանօթը շատ շնորհալի, համակրելի եւ ազնուական տեսք ունէր, բայց ինչ կ՚ուզես չանցաւ միտքէս..,ակնթարթի մը մէջ ուղեղիս մէջ փայլատակեցին Հոլիվուտեան սարսափազդու ֆիլմերը, մարդորս ոճրագործները, Ալֆրէտ Հիչքոքը, Ակաթա Քրիսթին, Ճէյսըն-վիլլան, անծանօթներէն զգուշանալու խիստ պատուէրները...: Ուստի ամենայն սառնութեամբ կարճ- կտրուկ պատասխանեցի .« Ես մօտակայքը կ՚ապրիմ, քալելը իմ բարի սովորութիւնս է. բարի օր ունենաս»:
Չեմ գիտեր, թէ Տէյվը ինչ մտածեց իմ տհաս ու անազնիւ վարմունքիս մասին, բայց ես անդրադարձայ, որ կասկածը թունաւոր է եւ վարակիչ..., իսկ ես ակամայ իմ ետիս ձգած եմ միջին արեւելեան ջերմ, զուարթ, անմիջական ու հաղորդական խառնուածքս:
Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան