Միացեալ Նահանգները կոչ կ'ընէ Հայաստանի մէջ գտնուող իր քաղաքացիներուն զգուշանալու ՀՀ սահմանային որոշ վայրեր այցելելէ։ Այս մասին դեսպանատունը Հայաստան գտնուող Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն անվտանգային հերթական նախազգուշացումը ըրած է:
Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներու համար նախատեսուած հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է․
«Հայաստանի մէջ ամառնային ճանապարհորդութիւններու եղանակով պայմանաւորուած Երեւանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն կը յիշեցնէ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շարունակուող հակամարտութեան պատճառով Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան աշխատակիցներուն եւ աննց ընտանիքներուն կ'արգիլուին անկարեւոր ճանապարհորդութիւնները հետեւեալ ուղղութիւններով, որ կ'արտացոլէ փոքր մեղմացում, քանի որ սահմանափակումները սկսած են կիրառուիլ 2022 թուականի սեպտեմբեր ամիսէն»։
Դեսպանատան տարածած հաղորդագրութեան մէջ ներառուած վայրերն են՝
Տաւուշի մարզի Վարագավանէն արեւելք՝ Հ37 ճանապարհը,
Տաւուշի մարզի Նավուր գիւղէն արեւելք՝ Հ36 ճանապարհը,
Գեղարքունիքի մարզին մէջ Վարդենիսէն արեւելք,
Արարատի մարզի Երասխ գիւղով երթեւեկութիւնը կը թոյլատրուի, կանգառը՝ ոչ.
Ճանապարհորդութիւնը դէպի Ջերմուկ, Վայոց ձորի մարզի Գետիկի կողքով Հ42 եւ Հ43 ճանապարհներով:
Սիւնիքի մարզ։
Ճանապարհորդութիւնը դէպի Լեռնային Ղարաբաղ կը շարունակէ արգիլուած մնալ։
Դեսպանատունն իր քաղաքացիները կը յորդորէ շարունակել զգուշանալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բոլոր միջազգային սահմաններէն եւ խուսափիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտի եւ շփման գիծի մերձակայք ճանապարհորդութիւններէն։
«Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը չի կրնար շտապօգնութեան ծառայութիւններ տրամադրել Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շրջակայքը, քանի որ մուտքը արգիլուած է»,-ըսուած է զգուշացման մէջ։
Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական առաքելութիւնը կը յորդորէ ՝
Գրանցուիլ Smart Traveler Enrollment Program-ի մէջ (STEP)՝ անվտանգութեան թարմացումներ ստանալու համար,
Հետեւիլ տեղական լրատուամիջոցներուն թարմացումներու համար,
Խուսափիլ մարդաշատ վայրերէ,
Խուսափիլ ցոյցերէ,
Տեղեկացուցէք ընկերներուն եւ ընտանիքին ձեր անվտանգութեան մասին,
Զգօն եղէք շրջապատին մէջ,
Զգոյշ եղէք գիշերը քալելու կամ վարելու ժամանակ: