image

Լոս Անճելըսէն Պոլիս՝ հոգեւոր ուխտագնացութիւն մը՝ Մաշտոց Չոպանեանի առաջնորդութեամբ

Լոս Անճելըսէն Պոլիս՝ հոգեւոր ուխտագնացութիւն մը՝ Մաշտոց Չոպանեանի առաջնորդութեամբ

Լոս Անճըլըսէն Պոլիս ժամանած շուրջ 40 ուխտաւորներու այս այցելութիւնը առանձնայատուկ նշանակութիւն ստացաւ՝ անոնց առաջնորդ Մաշտոց Չոպանեանի ներկայութեամբ։ Կիլիկեան Աթոռի նախկին միաբաններէն Մաշտոց Չոպանեան, որ ներկայիս որպէս քարոզիչ կը ծառայէ Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըս քաղաքի հայկական համայնքին մէջ, այս անգամ ուխտաւորներու հոգեւոր ճամբորդութեան ուղեկիցն էր։ Անոնք Թուրքիա ժամանած էին՝ Յայտնութեան գիրքին մէջ յիշատակուած Եգէականի շրջանի եօթը եկեղեցիներն ու քրիստոնէական պատմութեան կարեւոր վայրերը այցելելու նպատակով, իսկ Պոլսոյ մէջ իրենց ուխտագնացութեան կարեւոր կանգառներէն մէկը եղաւ Պատրիարքական Աթոռը, ուր ընդունուեցան Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։

Ստորեւ «Արեւելք»-ի  ընթերցողներուն կը  ներկայացնենք  այցին մասին  հրապարակուած   լրատւութիւնը՝ 

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 12 Սեպտեմբեր 2026, Շաբաթ, ընդունեց շուրջ 40 ուխտաւորներէ բաղկացեալ ուխտաւորներու խումբ մը՝ Մաշտոց Չօպանեանի գլխաւորութեամբ։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Ուխտաւորներ Լոս Անճէլըսէն Թուրքիա եկած էին յատկապէս այցելելու համար Յայտնութեան գիրքի մէջ արձանագրուած Եգէականի շրջանի եօթը եկեղեցիները եւ կրօնական կարեւորութիւն ունեցող այլ վայրեր։ Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին մեր Հոգեւոր Պետին՝ ընդունելութեան համար եւ իր օրհնութիւնն ու աղօթքը խնդրեցին։

Մեր Հոգեւոր Պետը բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ յոյս յայտնեց, որ արդիւնաբեր անցած է իրենց ուխտագնացութիւնը իւրաքանչիւր ուխտաւորի հոգեւոր կեանքին համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկութիւններ տուաւ Պոլսոյ Հայ համայնքին ու անոր հոգեւոր կեդրոն Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան եւ այժմու վիճակի մասին։ Ապա տեղի ունեցաւ հոգեւոր զրոյց, որմէ ետք Պատրիարք Հայրը օրհնեց ուխտաւորները ու իրենց ուխտերուն կատարում մաղթեց։

Այցելութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը իւրաքանչիւրին բաժնեց ուխտագնացութեան վկայագիրներ եւ օրհնեց զանոնք։ Ապա Արժ. Տ. Շինվան Քհնյ. առաջնորդեց զիրենք Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցի, ուր իրենց աղօթքը կատարելէ ետք մեկնեցան։