Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրագունդի (ԻՀՊԿ) գլխաւոր հրամանատար Հոսէյն Սալամին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները պիտի չյաջողի փրկել Իսրայէլը, եւ այն «անշուշտ պիտի իյնայ»։
Այս մասին գրած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն՝ Tasnim գործակալութեան յղումով։
«Իսրայէլը հզօր հետախուզական պատ էր, որ փլուզուեցաւ ՀԱՄԱՍ-ի ռազմական գործողութեան ժամանակ: Իսրայէլը չի կրնար գոյատեւել իր յանցաւոր պատմութեամբ, սա դէպի անոր անկումն ու կործանումը տանող ճանապարհն է: Իսրայէլը զսպելու ներուժը խաթարուած է, եւ ԱՄՆ-ն պիտի չյաջողի փրկել Իսրայէլը, այն անպայման պիտի իյնայ»,- յայտարարած է Սալամին։